image

Իսրայէլը յայտարարած է Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները հարուածելու մասին

Իսրայէլը յայտարարած է Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները հարուածելու մասին

Իսրայէլեան զօրքերը հրետանիով եւ ուղղորդուող ականանետային զինամթերքով հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն՝ ի պատասխան «Հըզպալլա» կուսակցութեան զինուած թեւի յարձակումներու։ Այս մասին հաղորդած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։

Ըստ յայտարարութեան՝ թիրախներու շարքին եղած են «ահաբեկչական կառոյցներ եւ ենթակառուցուածք, դիտակէտեր եւ արհեստագիտական սարքաւորումներ, որոնք կ՚օգտագործուին Իսրայէլի դէմ ահաբեկչութեան համար»։

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը աւելցուցած է, որ «Հըզպալլա» նաեւ հակաթանկային հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Ատամիթ կիբուցի ուղղութեամբ․ տուժածներ չկան։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հրետանիով հարուածած է արձակման վայրը։

 

Իր հերթին Al Jadeed հեռուստաալիքը հաղորդած է, որ Լիբանանի մէջ գնդակոծութեան ենթարկուած է 10 աւան։ Իսրայէլեան  քանի մը արկեր պայթած են Լիբանանի բանակի հրամանատարական դիտարկման կէտի մօտ։ Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ զինծառայողներէն ոչ ոք տուժած է։

«Հըզպալլա»-ի զինեալները նոյեմբեր 9-ին գնդակոծած են Իսրայէլի հիւսիսային շրջանները։ Ինչպէս հաղորդած է Al Jadeed հեռուստաալիքը, կրակի տակ յայտնուած են իսրայէլեան զօրքերու պահակակէտերը հրէական երեք բնակավայրերու մէջ։ Շիաները պնդած են, որ կրցած են խոցել երկու Merkava հրասայլ։ Իսրայէլեան հրամանատարութեան կողմէ նման տուեալներու հաստատում չէ եղած: