image

Իսրայէլի մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պահանջած են վարչապետի հրաժարականը

Իսրայէլի մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պահանջած են վարչապետի հրաժարականը

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ամբողջ Իսրայէլի մէջ կիրակի մասնակցած են հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն՝ պահանջելով վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հրաժարականը: Այս մասին գրած է The Guardian-ը՝ մանրամասնելով, որ ցուցարարներուն միացած են նաեւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման մօտ պահուող իսրայէլցի գերիներու ընտանիքները:

Թէլ Աւիւի, Երուսաղէմի, Հայֆայի, Պէեր Շեւայի, Կեսարիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ ցուցարարները պահանջած են ազատ արձակել Կազայի մէջ շուրջ վեց ամիս գերութեան մէջ գտնուողները՝ Նաթանիահուն որակելով որպէս «գործարքի խոչընդոտ»: Անոնք խոստացած են շարունակել ցոյցերը մինչեւ Նաթանիահուն լքէ իշխանութիւնը:

«Արդէն 176 օր է, որ ես աչքս չեմ փակեր՝ մտածելով այն մասին եւ վախնալով անկէ, թէ ինչի միջով կ՚անցնին առեւանգուածները: Իսրայէլի ժողովուրդը չի մոռանար եւ չի ներեր որեւէ մէկը, որ կը խոչընդոտէ պատանդներու վերադարձի գործարքը։ 176 օր, 4224 ժամ անց արդարացումները սպառած են», -ըսած է պատանդներէն մէկու մայրը: