image

Ինչքանով ապահով է Պէյրութի օդակայանը. Իսրայէլ այդ մասին «պատգամներ» կը յղէ

 Ինչքանով ապահով է Պէյրութի  օդակայանը. Իսրայէլ այդ մասին «պատգամներ» կը յղէ

 Երկիր, որ կորսնցուցած է իր վերահսկողութիւնը անվտանգային տարողունակ «անցքեր»ու վրայ այսօր յայտնուած է աւելի մեծ վտանգներու առջեւ, եթէ հաշուի առնենք Սուրիոյ դէմ կատարուած հարուածները, որուն դիմաց ալ Միջազգային հանրութիւնը, ոչ մէկ ձայն հանեց։

 Ու չի բացառուիր, որ այս բաւականին խառն ժամանակներուն, Իսրայէլ դիմէ նոր արկածախնդրութեան մը, ու Պէյրութի ուղղութեամբ հարուած մը տալով «ոտքի տակ» առնէ Ամերիկեան «օրհնութիւն»ը վայելող կազային համաձայնութիւնը։

Անցնող օրերուն արաբական լրատուական ծառայութիւններու հետեւող դէտեր լուսարձակի տակ առած էին բաւական վտանգաւոր նիւթ մը, ըստ որուն Իսրայէլեան բարձր մակարդակի պաշտօնատար անհատներ միջնորդաւորուած կապ մը ստեղծած են Լիբանանի կառավարութեան հետ  զգուշացնելով վերջինս, որ կրնան հարուածի տակ առնել Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան միջազգային օադակայանը։

 

 Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ պատերազմի մասնակի հանդարտեցումէն ասդին Իսրայէլ հետամուտ եղած է հարուածել Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան կամ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի դիրքեր, որոնք մեծ ճիգեր կը գործադրեն իրանեան արդիական զէնքեր (ցամաքի ճանապարհով) Լիբանան փոխադրելու։

 

 Նոյն ծիրին մէջ եւ ըստ «Շարըք ալ աուսաթ» թերթին իսրայէլեան բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ եկած են այն եզրակացութեան, որ իրենց կողմէ գործի դրուած ռազմական քայլերը տուած են իրենց «պտուղներ»ը։ Ըստ թերթին Իսրայէլի կողմէն եղած յայտարարութիւնները իրաւացի են, որովհետեւ վերջին շրջանին Իրան հրաժարած է (դարձեալ ըստ նոյն աղբիւրին) ցամաքի ճանապարհով եւ Սուրիոյ վրայով դէպի Լիբանան զէնքեր ուղարկելը։ 

 Կը խօսուի նաեւ, որ Թեհրան հաշուի առնելով ստեղծուած նոր դրութիւնը կ՚որոնէ նոր ճանապարհներ, որոնց ճամբով կարելի պիտի ըլլայ դէպի Լիբանան զինամթերք հասցնելը իրականացնել աւելի պահաով պայմաններու տակ։

 

 Այդ «ենթադրեալ» ճանապարհներէն մին կը համարուի Պէյրութի օդային ճանապարհը, որուն առընթեր ալ Իսրայէլացիք յայտնած են իրենց «լուրջ մտահոգութիւններ»ը եւ այդ տեսակէտէն զգուշացումներ ըրած լիբանանեան կողմին։

 

 Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ներքին «խոհանոց»ին, ապա չի բացառուիր, որ «Հըզպալլա»ին հակադրուող կողմեր այս թեման դարձնեն «մատի փաթթոց» ու այն շահարկեն տարբեր հարթութիւններու վրայ։ 

 

 Երկիր, որ կորսնցուցած է իր վերահսկողութիւնը անվտանգային տարողունակ «անցքեր»ու վրայ այսօր յայտնուած է աւելի մեծ վտանգներու առջեւ, եթէ հաշուի առնենք Սուրիոյ դէմ կատարուած հարուածները, որուն դիմաց ալ Միջազգային հանրութիւնը, ոչ մէկ ձայն հանեց։

 Ու չի բացառուիր, որ այս բաւականին խառն ժամանակներուն, Իսրայէլ դիմէ նոր արկածախնդրութեան մը, ու Պէյրութի ուղղութեամբ հարուած մը տալով «ոտքի տակ» առնէ Ամերիկեան «օրհնութիւն»ը վայելող կազային համաձայնութիւնը։

 

 Այս ամբողջը լուսարձակի տակ առնելով, հարկ է նաեւ նշել, որ անվտանգային առումով Լիբանան կը շարունակէ բարդ վիճակներու մէջ գտնուիլ, նաեւ անոր համար, որ մինչեւ այս պահը երկիրը չունի նախագահ, իսկ Միքաթիի հրաժարեալ կառավարութիւնը չի վայելէր համաժողովրդային եւ սահմանադրական իրաւասութիւններ։

 

 Ահա այս խառն վիճակին մէջ է, որ Իսրայէլ կրնայ աւելիով թէժացնել իրավիճակը ու հարուածի տակ առնել Պէյրութի միջազգային օդակայանը, եթէ անշուշտ իր ձեռքերուն հասած ըլլայ, Սուրիոյ դէպքերուն առընթեր «սառն» եւ անհասկնալի լռութիւն մը պահպանող Միջազգային Հանրութեան «կանաչ քարտ»ը։

 

 

 Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ   Իսրայէլ  Պէյրութի  օդակայանը հարուածած է 1968  թուականին  ծանր հարուած մը տալով պաղեստինցի  ֆետայականներուն, որոնք թիրախ դարձուցած էին