image

Իսրայէլ նոր գրոհի անցաւ՝ Կազայի դէմ

Իսրայէլ  նոր գրոհի անցաւ՝ Կազայի դէմ

Իսրայէլացի զինուորականները գիշերը վերսկսած են հարուածները Կազայի հատուածին մէջ «Համաս»-ի կառոյցներուն՝ երկրի ղեկավարութեան հրահանգով։ Կազայի իշխանութիւնները նշած են, որ յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 200 մարդ: Այս մասին հաղորդած է bbc.com-ը։

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է, որ Բենիամին Նաթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը հրամայած են զինուորականներուն «վճռական գործողութիւններ ձեռնարկել» «Համաս»ի դէմ։

«Այդ տեղի ունեցած է այն բանէ ետք, երբ «Համաս»-ը բազմիցս մերժած է ազատ արձակել մեր պատանդները, ինչպէս նաեւ մերժած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանագնացէն եւ միջնորդներէն եղած բոլոր առաջարկները: Ներկայիս Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը յարձակի Կազայի հատուածին մէջ «Համաս» ահաբեկչական կազմակերպութեան թիրախներու վրայ՝ քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ սահմանուած պատերազմական նպատակներուն հասնելու համար, ներառեալ մեր բոլոր պատանդներու՝ կենդանի եւ մահացածներու ազատ արձակումը», -ըսուած է Նաթանիահուի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: