image
Հրատապ լուրեր:

«Իշխող ուժը պէտք է առաջարկի այլ ճանապարհային քարտէզ, կամ հրաժարական տայ եւ հեռանայ». Արծուիկ Մինասեան

«Իշխող ուժը պէտք է առաջարկի այլ ճանապարհային քարտէզ, կամ հրաժարական տայ եւ հեռանայ». Արծուիկ Մինասեան

Իշխանութեան գլուխ կանգնած քաղաքական ուժը կա՛մ պէտք է փոխէ իր նախընտրական ծրագրերու մէջ առկայ դրոյթները, կա՛մ պէտք է հրաժարական տայ։

Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովէն ներս յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը՝ ներկայացնելով «ՀայաՔուէ» քաղաքացիական օրէնսդրական նախաձեռնութեան առաջադրած օրակարգային հարցի մասին խմբակցութեան յայտարարութեան նախագիծը։

«Եթէ մեծամասնութիւն կազմող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ն իր որոշմամբ է մեծ հաշուով հնարաւորութիւն տալու այս յայտարարութիւնը ընդունել կամ մերժել՝ կամ պէտք է առաջարկի նախընտրական ծրագրի եւ կառավարութեան ծրագրով ամրագրուած եւ ստանձնած պարտաւորութեան այլ ճանապարհային քարտէզ, եթէ դա էլ չի անում, բնականաբար, վերջին լուծումը մնում է հրաժարական եւ հեռացում»,-յայտարարած է Մինասեանը։

Ան նշած է, որ առաջին անգամ է, որ 58 հազար քաղաքացիի ստորագրութեամբ հանրութիւնն օրէնսդրական նախաձեռնութիւն ներկայացուցած է, որ ամրագրուած է յայտարարութեան մէջ։

«Սա կարեւոր գործիք է այն քաղաքական ուժերի հանդէպ վերահսկողութիւն իրականացնելու, որոնք նախընտրական ծրագրերում եւ իրենց յայտարարութիւններում ամրագրել են նորմեր, որոնք անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքացիների կողմից ընթացիկ վերահսկողութիւն իրականացնելու առումով»,-յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղարը։