image

Իշխանութեան ներկայացուցիչներ Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին

Իշխանութեան ներկայացուցիչներ   Ծիծեռնակաբերդ  այցելեցին

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը,  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը,  Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը եւ կառավարութեան այլ անդամներ:

Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: