image

Իրապաշտ ըլլալու եւ խոստումները գործադրելու մասին Դիտարկում՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանէն

Իրապաշտ ըլլալու եւ խոստումները գործադրելու մասին Դիտարկում՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանէն

 Ամերիկահայ Ազգային-Քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ 

 

Իսկ համբաւը սուտերու, հռետորութեան, ճառախօսական զեղումներու վրայ անկարելի է կառուցել։ Մանաւանդ երկար շուչի վրայ, քաղաքական համբաւը կը ստեղծուի երբ մէկու մը խօսքն ու գործը համընկնին, եւ ոչ թէ խօսի բանէ մը ու գործէ լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ։ Մարդիկ - մանաւանդ այս դարուս ընձեռնած միջոցներով - շատ հեշտ կերպով կը տեսնեն երբ «տկար»ը պարզապէս յոխորտանքով կը զբաղի, կը հասկնան երբ խոստումները դատարկաբանութիւն են, եւ  զիրենք երկար շունչի վրայ խաբելը գրեթէ անհնարին է։

Եւ ուրեմն, եթէ լսող ըլլայ, քաղաքանութեան մէջ յաջողութեան ձգտող ոեւէ անձի կամ խումբի պիտի խրատէի խօսիլ զուսպ եւ միայն այնքանով որ գործադրուելիքի չափով է ու չյոխորտալ , մեծ-մեծ բաներէ չխօսիլ, մաշող անցեալի կամ յաւակնոտ ապագայի վրայ չփորձել ներկան կառուցել։ Այլ, խոստանալ այնքան մը որ կարելի է իրագործել՝ եւ անպայման իրագործել այն ինչ որ խոստացուած է։

Համբաւն է քաղաքականութեան մէջ ուժի ամէնօրեայ դրամանիշը։

Քաղաքականութեան մէջ չոր ուժը շատ կարեւոր բան է դերակատարի մը (պետութիւն, պաշտօնի վրայ անձ, ղեկավար, կառավարութիւն, կուսակցութիւն) համար, բայց ամենօրեայ կեանքի մէջ միշտ չէ որ չոր ուժ կը կիրարուի, ամէն օր չէ որ պետութիւն մը իր շահերը պաշտպանելու համար պատերազմի դիմէ, եւ ամէն պահի ընտրութիւններ չկան որ անհատ մը կամ կուսակցութիւն մը իր վարկն ու ծանրութիւնը փաստէ անոնց միջոցով։ Հետեւաբար - եւ այս մասին շատ լաւ ու բովանդակալից կերպով գրած է Հանս Մորկընթաու «Politics Among Nations» գիրքին մէջ - քաղաքականութեան մէջ ուժի ամենօրեայ դրամանիշը համբաւն է, համբաւն է որ ուղիներ կը բանայ, ազդելու կարողականութիւն եւ կարողութիւններ կ՚ընձեռնէ։

Եւ ուրեմն, ապշած կը մնամ թէ ինչպէ ՞ս անհատ քաղաքական դերակատարներ կամ կուսակցութիւններ, չեն հասկնար որ եթէ համբաւ կորսնցնեն, կը կորսնցնեն նաեւ վարկ եւ հեղինակութիւն, եւ ուրեմն կը կորսնցնեն քաղաքականութեան մէջ ուժի եւ ազդեցութեան կարեւորագոյն դրամանիշը։ 

Իսկ համբաւը սուտերու, հռետորութեան, ճառախօսական զեղումներու վրայ անկարելի է կառուցել։ Մանաւանդ երկար շուչի վրայ, քաղաքական համբաւը կը ստեղծուի երբ մէկու մը խօսքն ու գործը համընկնին, եւ ոչ թէ խօսի բանէ մը ու գործէ լրիւ ուրիշ ուղղութեամբ։ Մարդիկ - մանաւանդ այս դարուս ընձեռնած միջոցներով - շատ հեշտ կերպով կը տեսնեն երբ «տկար»ը պարզապէս յոխորտանքով կը զբաղի, կը հասկնան երբ խոստումները դատարկաբանութիւն են, եւ  զիրենք երկար շունչի վրայ խաբելը գրեթէ անհնարին է։

Եւ ուրեմն, եթէ լսող ըլլայ, քաղաքանութեան մէջ յաջողութեան ձգտող ոեւէ անձի կամ խումբի պիտի խրատէի խօսիլ զուսպ եւ միայն այնքանով որ գործադրուելիքի չափով է ու չյոխորտալ , մեծ-մեծ բաներէ չխօսիլ, մաշող անցեալի կամ յաւակնոտ ապագայի վրայ չփորձել ներկան կառուցել։ Այլ, խոստանալ այնքան մը որ կարելի է իրագործել՝ եւ անպայման իրագործել այն ինչ որ խոստացուած է։

Երազանքն ու նպատակները շատ հզօր բաներ են եւ ՇԱՏ կարեւոր, բայց եթէ անոնք ներկայացուին որպէս տեսլական, եւ ոչ թէ որպէս կապկուած իրականութիւն։ Այլապէս, համբաւ եւ հեղինակութիւն, խօսքերու հետ կը ցնդին ու կ՚երթան։