image

Իրանի Պաշտպանութեան նախկին նախարարին դէմ մահապատի՞ժ

Իրանի Պաշտպանութեան նախկին նախարարին դէմ  մահապատի՞ժ

Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի հիմնադիր, Իրանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Ալի-Ռիտա Աքպարին մահապատժի դատապարտուած է բրիտանական հետախուզական ծառայութիւններու օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով: Այս մասին ըսուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տեղեկատւութեան (հետախուզութեան) նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Իրանի գաղտնի եւ ռազմավարական կեդրոններուն մէջ յայտնաբերուած է բրիտանական հետախուզութեան ամենակարեւոր գործակալներէն մէկը: Ան ձերբակալուած է հակահետախուզութեան երկար ու բազմափուլ գործողութիւններէն ետք:

Իրանեան հետախուզութիւնը նշած է, որ Աքպարիին հասանելի եղած են Իրանի որոշ գաղտնի տուեալներ, ան բազմիցս փոխանցած է զանոնք, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ ձեռք բերուած այլ տեղեկութիւններ բրիտանական հետախուզական ծառայութիւններուն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Աքպարիի հաւաքագրումը սկսած է, երբ ան վիզա ստացած է Թեհրանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան մէջ։

Նախարարութեան տուեալներով՝ ան «զրոյց» ունեցած է բրիտանական դեսպանատան հետախուզական գործակալներու հետ, որմէ ետք Եւրոպա անձնական ուղեւորութիւններու ժամանակ դարձած է բրիտանական հետախուզութեան լիիրաւ անդամ։

Իրանեան գերատեսչութիւնը աւելցուցած է, որ մեղադրեալի նկատմամբ քրէական գործի յարուցումէն եւ մեղադրական եզրակացութենէն ետք գործը տեղափոխուած է դատարան եւ նիստը կայացած է մեղադրեալի պաշտպանի ներկայութեամբ։