Իրանի նախագահի լիազօրութիւնները, համաձայն երկրի Սահմանադրութեան, երկու ամիսով պիտի փոխանցուին առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Մոխպերին։
Ան պիտի ստանձնէ երկրի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն, իսկ 50 օրուան ընթացքին նոր նախագահական ընտրութիւններ պիտի կայացուին։
Ըստ Իրանի իսլամական հանրապետութեան Սահմանադրութեան՝ նախագահի առաջին տեղակալը, խորհրդարանի նախագահը եւ դատական համակարգի ղեկավարը պիտի ձեւաւորեն խորհուրդ, որ առաւելագոյնը 50 օրուան ընթացքին պէտք է կազմակերպէ նոր նախագահի ընտրութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ Իրանի նախագահի պաշտօնակատար, առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Մոխպերը, իր հերթին, ստեղծած է վեց յատուկ կոմիտէ՝ յառաջիկայ օրերուն երկիրը կառավարելու համար։