image

Իրանի արտաքին գործոց նախարարն արդէն Հայաստան է. ան առանձնազրոյց ունեցած է Միրզոյեանի հետ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարն արդէն Հայաստան է. ան առանձնազրոյց ունեցած է Միրզոյեանի հետ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանն արդէն ժամանած Հայաստան: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Անոր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ դիմաւորած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու առանձնազրոյցը:

Քիչ ետք կը սպասուի համատեղ մամուլի ասուլիս։

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը վերջին անգամ Հայաստան  ժամանած էր 2022–ի հոկտեմբեր 20–ին։ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ անոնք քննարկած էին Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրային միջանցքի հարցը։ Հոկտեմբեր 21–ին ալ նախարարները ՀՀ Սիւնիքի մարզկեդրոն Կապանի մէջ մասնակցած են Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութեան: