image

Իրանէն կարծր կեցուածքներ

Իրանէն կարծր կեցուածքներ

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի զօրավար Ալիրզա Թանհոյը Ատրպէյճանը զգուշացուցած է, որ Իրանի դէմ ուղղուած ցանկացած քայլ վճռական պատասխան պիտի ստանայ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով ISNA-ն, ելոյթ ունենալով զօրավար Քասեմ Սոլէյմանիի մահուան տարելիցին նուիրուած միջոցառման, զօրավար Ալիրզա Թանհոյը յայտարարած է․

«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պէտք չէ կրկնէ Ուքրանիոյ եւ Սատամի (1979-2003 թուականներուն Իրաքի նախագահ Սատամ Հուսէյն-խմբ․) սխալները եւ հասկնայ, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանին մէջ հզօր երկիր, երբեք թոյլ չի տար, որ իր սահմանները վտանգի ենթարկուին»։

Թանհոյն ընդգծած է՝ որեւէ քայլի, որ ուղղուած է Իրանը եւ անոր յարակից շրջանները անապահով դարձնելուն, պիտի յաջորդէ վճռական պատասխան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերու կողմէ: