Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Իրան-Ռուսիա յարաբերութիւնները որակած է որպէս ռազմավարական եւ կոչ ըրած է ամրապնդելու երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը։
Ինչպէս նշած է ԻՌՆԱ գործակալութիւնը, Ռայիսին այդ մասին ըսած է Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպան Ալեքսէյ Տետովի հաւատարմագրերու պատճէնն ընդունելու ժամանակ։
Թեհրան-Մոսկուա յարաբերութիւնները ռազմավարական որակելով՝ Իրանի նախագահն ըսած է, որ Իրանը եւ Ռուսիան լաւ հիմքեր ունին երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային ոլորտներու մէջ համագործակցութեան համար։
Անդրադառնալով երկու երկիրներու միջեւ աճող դիւանագիտական յարաբերութիւններուն՝ ան կոչ ըրած է զօրացնելու Իրան-Ռուսիա ռազմավարական համագործակցութիւնը տնտեսական ոլորտի մէջ։
Ալեքսէյ Տետով իր հերթին կոչ ըրած է ընդլայնելու Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական տնտեսական համագործակցութիւնը հիասթափեցուցած է արեւմտեան երկիրները՝ պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն կիրառելու հարցով: