image

Ինչո՞ւ չկայացաւ Փաշինեան-Իտալկօ հանդիպումը. Ցարդ ոչ մէկ մեկնաբանութիւն

Ինչո՞ւ  չկայացաւ Փաշինեան-Իտալկօ հանդիպումը. Ցարդ ոչ մէկ  մեկնաբանութիւն

Կառավարութիւնը չի մեկնաբաներ, թէ ինչու չեղարկուած է Փարիզի քաղաքապետին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

NEWS.am-ի հարցման ի պատասխան, թէ ինչու չեղարկուած է վարչապետին եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հանդիպումը, որ նախատեսուած էր Մայիս 28-ին, վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն նշած են, որ բարձրացուած հարցին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն չունին:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը «Հրապարակ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Մայիս 28-ին, ժամը 18:00-ին, նախատեսուած էր Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հանդիպումը եւ պաշտօնական ընթրիքը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ, սակայն, վերջին պահուն չեղարկուած է` առանց բացատրութեան:

Թէ ինչո՞ւ չեղարկուած է Փարիզի քաղաքապետին հետ հանդիպումը, Մուրատ Փափազեանը «Հրապարակ»-ի հետ զրոյցին երկու արժանահաւատ վարկածի մասին խօսած է:

«Գիտէք, որ Ուրբաթ օրը հանդիպած ենք Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, եւ հանդիպման հետեւանքն այն է, որ Ալիեւը Ֆրանսայի դեսպանին կանչեց եւ բողոքեց` ասելով, որ անկարելի է, որ ոչ-կանոնաւոր իշխանութիւններու հետ Փարիզի քաղաքապետը հանդիպեցաւ եւ այլն: Առաջին հիփոթեզն այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանը չուզեց նեղացնել Ալիեւին: Երկրորդ տարբերակը․ գիտէք, որ Զարեհ Սինանեանը երբ Յունուարին Ֆրանսա եկած էր, Փարիզի քաղաքապետն իրեն ժամադրութիւն չտուաւ, եւ կրնայ ըլլալ, որ Սինանեանը կազմակերպեց Փաշինեանի հետ այս սենարը, որ ինքն ինձի մերժած է, դուք էլ իրեն մերժէք», ըսած  է Փափազեանը: