image

Ինչո՞ւ Ատրպէյճան կը թիրախաւորէ Հայաստանի հանքերը. Մասնագէտի պարզաբանում

Ինչո՞ւ Ատրպէյճան կը թիրախաւորէ Հայաստանի հանքերը. Մասնագէտի պարզաբանում

Լիլիա Շուշանեան մեկնաբանած է, որ Ատրպէյճան, ապագայի տնտեսական միտումները նկատի ունենալով՝  մետաղներու գինի բարձրացում եւ այլն, կը փորձէ շատ աւելի վաղ թուլցնել իր հակառակորդը: Ան մտահոգութիւն  յայտնած է, որ այս հարցերը պէտք է պետական մակարդակով լրջօրէն ուսումնասիրուին եւ քայլեր ձեռնարկուին, այլապէս Հայաստան, ատրպէյճանական այս թիրախաւորումներու հետեւանքով տնտեսական շատ մեծ կորուստներ կ'ունենայ ապագային: 

 

 

Ինչպէս յայտնի է՝ Ատրպէյճան 2022-ի դեկտեմբերին մեծ աղմուկ բարձրացուց Արցախի Կաշէնի հանքավայրի շահագործման առթիւ, եւ իբր թէ բնապահպանական  պատրուակով փակեց Լաչինի միջանցքը:

Հանրային կառավարման եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի փորձագէտ, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախկին փոխ նախարար Լիլիա Շուշանեան հաստատած  է, որ Կաշէնի հանքը ընդամէնը պատրուակ էր, որովհետեւ ամիսներ անց ոչ ոք այլեւս այդ հանքի մասին խօսած: «Հանքը պատրուակ էր, ամէն գինով Արցախի հայաթափումը՝ միջանկեալ նպատակ, իսկ Արցախի մէջ իշխանութիւն հաստատելը՝  իշխանութեան հաստատման գերնպատակ»,- «Սփութնիք Արմենիա»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Լիլիա Շուշանեան, նշելով, որ ի պատիւ արցախցիներուն, որոնք ամուր կառչած են հողին, թոյլ չեն տար իրականացնելու Ատրպէյճանի այդ նպատակները: 

Իսկ թէ ինչո՞ւ հանքերը կը յայտնուին քաղաքական օրակարգերու կիզակէտին, Լիլիա Շուշանեան այսպէս մեկնաբանած է. «Հանքերը իւրաքանչիւր երկրի, յատկապէս մեր նման երկիրներու տնտեսական ներուժն են, եւ Ատրպէյճանը պատահական չէ, որ կը թիրախաւորէ հանքերը, այդ միջոցները եւ դրամագլուխը: Ան այդ կ'ընէ հետեւողականօրէն, գիտակցելով, որ այդ մեր երկրի տնտեսական ողնաշարն է»:

Մասնագէտը յիշեցուցած է, որ Կաշէնի հանքը թիրախաւորելով՝ Ատրպէյճան Արցախը զրկեց եկամուտի զգալի աղբիւրէ, քանի որ հանքն այսօր չ'աշխատիր, աշխատակիցները դուրս ելած են եւ երկիրը բազմապիսի վնասներ կրած: Լիլիա Շուշանեան նկատել տուած է, որ  միայն Կաշէնը չէ, այլ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հանքերը նոյնպէս միշտ կը գտնուին Ատրպէյճանի թիրախաւորման ներքոյ, ընդ որում, այս երեւոյթը, ըստ մասնագէտին, նոր չէ, Ատրպէյճան դեռեւս 20-30 տարի առաջ սկսած է առաջ տանիլ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը թիրախաւորելու քաղաքականութիւնը:

Լիլիա Շուշանեան մեկնաբանած է, որ Ատրպէյճան, ապագայի տնտեսական միտումները նկատի ունենալով՝  մետաղներու գինի բարձրացում եւ այլն, կը փորձէ շատ աւելի վաղ թուլցնել իր հակառակորդը: Ան մտահոգութիւն  յայտնած է, որ այս հարցերը պէտք է պետական մակարդակով լրջօրէն ուսումնասիրուին եւ քայլեր ձեռնարկուին, այլապէս Հայաստան, ատրպէյճանական այս թիրախաւորումներու հետեւանքով տնտեսական շատ մեծ կորուստներ կ'ունենայ ապագային: 

Լիլիա Շուշանեան շեշտած է, որ երբեք պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն Ատրպէյճանը՝ ինք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ունի թերացումներ, եւ այդ տուեալները ոչ միայն հայ մասնագէտներուն յայտնի են, այլ նաեւ՝ միջազգային կազմակերպութիւններուն: Սակայն, ըստ Լիլիա Շուշանեանին, Ատրպէյճան աներեւակայելի կերպով քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ինքզինք ճիշդ դիրքաւորելու համար: 

«Այսօր ան վերցուցած է բնապահպան առաջամարտիկի դերը եւ կը մեղադրէ Հայաստանը, որ իրմէ բազում անգամ շատ բնապահպանական արդիւնքներ ունի ցուցադրելու»,- ըսած է Շուշանեան: Յիշեցուցած է, որ մեր ունեցած այս արդիւնքները ոչ թէ մեր իսկ յայտարարածներն են, այլ՝ միջազգային հանրութեան գնահատականներն են Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի դրական առաջընթացին, օրէնսդրական փոփոխութիւններուն եւ ոլորտին մէջ կատարուած բարեփոխումներուն մասին: 

«Ընդերքը Հայաստանի հանրապետութեան համար ազգային անվտանգութեան հարց է»,- յիշեցուցած է Լիլիա Շուշանեան եւ նշած, որ այդ ոլորտի մէջ բնապահպանութիւնը,  միջազգային չափանիշներուն համապատասխան կառավարումը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ, իսկ հանքարդիւնաբերողները երկրի համար պէտք է դառնան գլխաւոր դերակատարներ: Ըստ Լիլիա Շուշանեանին, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի բարելաւումը ոչ թէ հարեւան երկրին ինչ որ բան ապացուցելու համար պէտք է կատարուի, այլ նախ՝ մեր երկրի շահին համար: Ան ընդգծած է, որ այդ բարելաւումները կը կատարուին ոչ միայն պետական համակարգի կողմէ, այլ նաեւ՝ յաճախ իրենք՝ հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնները կը նախաձեռնեն համապատասխան քայլեր: Ան, քաջատեղեակ ըլլալով ոլորտին, մէջբերած է յատկապէս Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան փակ բաժնետիրական ընկերութեան գործունէութիւնը, ըսելով. «Օրինակներով եթէ խօսինք, Հայաստանի գլխաւոր հարկատու Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը այսօր կ'իրականացնէ կլիմայի ոլորտին մէջ միջազգային չափանիշներով տարածուած ամենաառաջադէմ հաշուետուութիւն՝ վտանգներու գնահատում, կառավարում եւ այլն»: