ՀՀ երկրորդ նախագահի որդին՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը կը վստահեցնէ՝ իր ընտանիքի ունեցուածքն ամբողջութեամբ օրինական է։ Այս մասին ան ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին։
«Իշխանութիւնը ուղղել է իր բոլոր լծակները ու օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները ամէն ինչը ստուգելու համար։ Այն, ինչ մենք ունենք, օրինական է, այն, ինչ ունեք, չենք թաքցրել, խօսել ենք դրանից»,- նշած է Քոչարեանը։
Անդրադառնալով Հիւսիային պողոտայի շուրջ ձեւաւորուած խօսակցութիւններուն, թէ որոշ անձերէ վերցուցած են տուներն ու յետոյ խանութներ կառուցած, ան ընդգծած է՝ շատ ուրախ է, որ Երեւանի մէջ այդ հատուածը դարձած է սիրուն, բարեկարգուած եւ լաւ փողոց։ Քոչարեանի խօսքով՝ նման մաշտապի որեւէ ծրագրի մէջ կրնան թերացումներ ըլլալ, իսկ ինքը նրբութիւններուն չի տիրապետեր, որ ըսէ՝ մարդիկ ճիշդ ձեւով փոխհատուցուած են, թէ ոչ։
«Ես նաեւ գիտեմ բազմաթիւ դէպքեր, երբ մարդիկ լաւ փոխհատուցուել են ու գոհ են մնացել»,- նշած է Քոչարեանը։
Ան ըսած է, որ իրեն ու իր ընտանիքին տարբեր բաներ վերագրուած են, մարդոց մօտ ալ տպաւորութիւնները կտրուած են իրականութենէն, ու տարիներ շարունակ բնակչութիւնը մոլորութեան մէջ ձգուած է։
Յիշեցնենք, որ Լեւոն Քոչարեանի ընտանիքի ունեցուածքի շուրջ խօսակցութիւնները հիմնական 4 միլիառ ԱՄՆ տոլարի մասին են, որ դեռ 2018 թուականին Ռոպերթ Քոչարեանը բացարձակ յիմարութիւն անուանած էր։