ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները նախատեսուած են երկու փուլերով։ Առաջին փուլին պէտք է համաձայնեցուի փոխըմբռնման յուշագիրը։ Իրանի միջուկային ծրագրին ու պատժամիջոցներու վերացման վերաբերող հարցերը փոխադրուած են երկրորդ փուլ, որու համար նախատեսուած է 60 օր։
Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«ԱՄՆ-ը առաջին անգամ 47 տարուան ընթացքին կը յարգէ Իրանի ինքնիշխանութիւնը»,– նշած է Արաքչին։