Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ կը շարունակուի ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
Մրցումային հերթական օրը պայքարի մէջ մտան 96 քկ քաշային ծանրորդները, ուր Հայաստանը կը ներկայացնէին Արա Աղանեանը եւ Դաւիթ Յովհաննիսեանը:
Երկամարտի 377 քկ արդիւնքով Դաւիթ Յովհաննիսեանը նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը: Դաւիթը պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուցած 160 քկ արդիւնքով դարձաւ նաեւ վարժութեան յաղթող եւ նուաճեց փոքր ոսկէ մետալ: Յովհաննիսեանը հրում վարժութեան մէջ 206 քկ արդիւնքով երրորդն էր:
Եւրոպայի փոխախոյեան դարձաւ Արա Աղանեանը, որ ձախողեցաւ միայն վերջին` 6-րդ մօտեցումը: Արան երկամարտին մէջ գրանցեց 375 քկ արդիւնք:
Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Ռոմէն Իմա Տուշենը, որ գրանցեց 370 քկ արդիւնք: Տուշէնը 210 քկ-ով դարձաւ հրում վարժութեան յաղթող: