Իմ փափաքս է ուշադրութիւն դարձնել Հայաստանի հեռուստատեսութեան լեզուին եւ օգտագործուող բառապաշարին։
Տեսերիզներու (ֆիլմերու եւ սերիալներու) եւ հաղորդումներու լեզուն գռեհիկ յաճախ անմակարդակ եւ դժբախտաբար ոչ մաքուր եւ ընդունելի հայերէն է։ Խանութներու եւ մանաւանդ թաքսիներու ընկերութեանց անունները հայ մարդու ականջին, հոգւոյն եւ հայրենասէր զգացումին անարգանք կը պատճառէ։
Ո՞ւր է Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը։ Ո՞ւր են մեր արդի գրողներուն եւ գիտնականներուն ներդրումն ու կամքը։ Ի Վերջոյ ո՞ւր է լեզուի տեսչութիւնը եւ իր հսկողութիւնը։ Ամէն հայորդի մը եւ մանաւանդ սփիւռքահայ մը երբ ՀՀ քաղաքացիութեան պատուին արժանանայ ապա իր սրտի եւ հոգւոյն առաջին դաշոյնը կ'ըստանայ երբ տեսնէ թէ իր հայկական անունը խեղաթիւրուած ձեւով կը գրանցուի հայրենիքի պետական ատեաններուն մէջ։
Պատճառաբանութիւնները շատ են։ Սակայն արդեօ՞ք լուծում չկրցանք գտնել:
Ինչպէս կ'ըսեն, հասկացողաց բարեւներ։ Իսկ ես կ'ըսեմ ՀԱՍԿԱՑՈՂԱՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ։
Արմաշ Սրբազան