image

Իլոն Մասք X ընկերային ցանցը վաճառած է իր xAI ընկերութեան

Իլոն Մասք X ընկերային ցանցը վաճառած է իր xAI ընկերութեան

Ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասքի արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ գործող xAI ընկերութիւնը ձեռք բերած է X ընկերային ցանցի հարթակը 33 միլիառ տոլարով։​

Մասք այս մասին գրած է X-ի իր էջին։ 

Մասք, որ 2022 թուականին 44 միլիառ տոլարով ձեռք բերած էր այն ժամանակուան Twitter-ը եւ վերանուանած այն X, նշած է, որ այս միաւորումը նպատակ ունի համատեղել xAI-ի առաջադէմ արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւնները X-ի լայնածաւալ օգտատէրերու տուեալներու կայանին հետ։ 

​xAI-ը հիմնադրուած է 2023 թուականին՝ նպատակ ունենալով մրցակցիլ OpenAI-ի հետ։ Ընկերութիւնը մշակած է Grok անունով չաթ-բոտը, որ ներառուած է X հարթակին մէջ եւ հասանելի է վճարովի բաժանորդներուն։ ​

Այս գործարքը կը յիշեցնէ Մասքի նախորդ քայլերը, մասնաւորապէս՝ 2016 թուականին Tesla-ի կողմէ SolarCity-ի ձեռքբերումը։