image

Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին. Շարլ Միշէլ

Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին. Շարլ Միշէլ

Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ եռակողմ հանդիպման աւարտին, ԵՄ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտարարութիւն տարածած է:

«Այսօր ես կրկին հիւրընկալած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը: Սա մեր երրորդ քննարկումն էր նման ձեւաչափով: Մենք կեդրոնացած ենք Հարաւային Կովկասի իրավիճակի, ԵՄ-ի եւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ: Քննարկումը անկեղծ էր եւ արդիւնաւէտ: Մենք քննարկած ենք հարցերու ամբողջ համալիրը:

Մենք մանրամասն քննարկած ենք մարդասիրական հարցերը, ներառեալ` ականազերծումը, ինչպէս նաեւ պատանդառուներու ազատ արձակման եւ անյայտ կորսուածներու ճակատագրերը պարզելու հարցը: Մենք հասած ենք հետեւեալ արդիւնքներուն`

- Սահմանային հարցեր. Յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին տեղի պիտի ունենայ սահմանային յանձնաժողովներու առաջին համատեղ նիստը: Պիտի քննարկուին սահմանի սահմանազատման հետ կապուած բոլոր հարցերը եւ թէ ինչպէս լաւագոյն կերպով ապահովել կայուն իրավիճակը:

- ճանապարհային ուղիներ. Առաջնորդները համաձայնած են ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման անհրաժեշտութեան հետ: Անոնք պայմանաւորուած են Արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ տարանցումը կարգաւորող սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստանի տարբեր հատուածներու միջեւ կապի եւ երկու երկիրներու հաղորդակցային ենթակառուցուածքի միջոցով միջազգային փոխադրումներու մասին:

Մասնաւորապէս, անոնք պայմանաւորուած են սահմանային կառավարման, անվտանգութեան, հողի վարձքի, ինչպէս նաեւ մաքսատուրքերու սկզբունքներու մասին` միջազգային փոխադրումներու ծիրին մէջ: Փոխվարչապետները այս աշխատանքը պիտի շարունակեն յառաջիկայ օրերուն:

- Խաղաղութեան համաձայնագիր. Առաջնորդները պայմանաւորուած են շարունակել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող ապագայ խաղաղ պայմանագրի քննարկումը:

Արտաքին գործոց նախարարներու գլխաւորած խումբերը այս գործընթացը պիտի շարունակեն յառաջիկայ շաբաթներուն: Բացի այդ, ես նաեւ ընդգծած եմ երկու առաջնորդներուն, որ անհրաժեշտ է հասցէագրել Ղարաբաղի մէջ ցեղային հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը:

- Ընկերատնտեսական զարգացում. ԵՄ-ն յառաջ պիտի տանի երկու կողմերուն հետ միասին Տնտեսական խորհրդատուական խումբի (Economic Advisory Group) աշխատանքը, որ կը ձգտի նպաստելու տնտեսական զարգացման` ի շահ երկու երկիրներու եւ անոնց բնակչութեան: Ես նաեւ ընդգծած եմ, որ կարեւոր է պատրաստել ժողովուրդները երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան:

ԵՄ-ն պատրաստ է տրամադրելու իր աջակցութիւնը: Մենք պայմանաւորուած ենք սերտ կապի մէջ մնալ եւ նոյն ձեւաչափով կրկին պիտի հանդիպինք Յուլիս/Օգոստոս ամիսներուն»: