Իսրայէլացի վերաբնակեցեալներուն ու նաեւ իսրայէլեան բանակին համար Լիբանանի հետ սահմանային գօտին(Հիւսիսային ճակատ) կը շարունակէ մնալ առանցքային եւ նոյնիսկ մտահոգիչ։ Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը գրեն այդ մասին նաեւ նկատել տալով, որ Իսրայէլ պարտաւոր է վճռական ըլլալ ու ցաւագին հարուած հասցընել Լիբանանեան «Հըզպալլա»ին։
Այս առումով ալ «Արեւելք» հետեւելով արաբական մամուլի կարեւորագոյն հրապարակումներուն ստորեւ վերլուծական փորձով մը կը տեղեկագրէ Իսրայէլի մէջ Լիբանանի հետ սահմանային հատուածին կապուած ընդհանուր տրամադրութեանց եւ տիրող իրադրութեան մասին։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը ներկայացնեն բռնագրաւուած Պաղեստինի հիւսիսային սահմանին ապրող վերաբնակիչներու լարուած եւ խուճապահար վիճակը, որ ստեղծուած է ներկայ անհանգիստ կացութեան եւ պատերազմի ընդլայնման վախի հետեւանքով։
Իսրայէլեան «12-րդ ալիք»ը մէջբերած է իսրայէլեան բանակին գործողութիւններու ստորաբաժանման նախկին ղեկավար, զօրավար-մայոր Իսրայէլ Զիֆի խօսքը, որ ըսած է, որ «ամենակարեւորը հիւսիսն է», ընդգծելով կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշման սխալ ըլլալը՝ հիւսիսային ճակատի հարցը մինչեւ Կազայի պատերազմի աւարտ յետաձգելու առումով։
Անոր կարծիքով, յայտարարութիւնը, թէ «հիւսիսը պիտի սպասէ մինչեւ մենք աւարտենք Կազայի մէջ», այնուամենայնիւ «մեզի հիւսիս պիտի չհասցնէ, մենք պիտի չկարողանանք կեդրոնացնել մեր ջանքերը, պիտի չկարենանաք այդտեղ խնդիր լուծել»։
Իսրայէլ Զիֆ նաեւ ըսած է, որ «ամբողջ խնդիրը կը կ՚այանայ մէկ անձի մէջ, որ պատրաստ չէ որոշում կայացնելու», նկատի ունենալով Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուին, որ «կը հրաժարի որոշում կայացնելէ «յաջորդ օրուան» մասին՝ հակառակ անվտանգութեան եւ ռազմական կառոյցի բոլոր ղեկավարներու առաջարկներուն»։
Հինգշաբթի օր իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաստատած են, որ հիւսիսային ճակատին մէջ կը տիրէ անորոշութիւն եւ լարուածութիւն, որ տեղիք կու տայ տարբեր երնթադրութիւններու՝ այն գինի մասին որ պիտի վճարէ Իսրայէլի ներքին ճակատը «Հըզպալլա»ի հետ առճակատման պարագային:
Անոնք նաեւ կը նշեն, որ հիւսիսի տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները նախապէս ալ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած էին անվտանգութեան իրավիճակի վերաբերեալ եւ վերապատրաստած էին տեղի ժողովուրդը (վերաբնակիչները)՝ դիմակայելու բուռն ռմբակոծութիւններուն։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նկատած են, որ հասարակութեան մօտ տիրող տրամադրութիւնը փոխուած է դէպի վատը, քանի որ հիւսիսային բնակավայրերու «բնակիչները» այժմ ծանօթ են «Հըզպալլա»ի հետ առճակատաման հետևանքներուն, յատկապէս, որ հազարաւոր տուներ արդէն դատարկուած են ու անոնց բնակիչները ստիպուած են այլ շրջան տեղափոխուիլ եւ նոյնիսկ մտածել Իսրայէլէն հեռանալու մասին։