image

Ի՞նչ կ՚ուզեն արաբները նաւթի արտահանումը աճեցնելու դիմաց. Wall Street Journal

Ի՞նչ կ՚ուզեն արաբները   նաւթի  արտահանումը  աճեցնելու դիմաց. Wall Street Journal

Ամերիկեան «The Wall Street Journal» թերթը յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մոհամմատ պըն Սալմանը եւ Ապու Տապիի թագաժառանգ Մոհամմատ պըն Զայէտը հրաժարած են հեռախօսազանգ ստանալէ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընէն:

Պարբերականը կը մատնանշէ, որ «Պայտընը մտադիր էր կապ հաստատել պըն Սալմանի եւ պըն Զայէտի հետ` խնդրելով աւելցնել իրենց երկիրներու նաւթի արդիւնահանումը»է:

Ան նշած է, որ պըն Զայէտը եւ պըն Սալմանը անցեալ շաբաթ զրուցած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ` յաւելելով, որ ԱՄԷ-ն եւ Սէուտական Արաբիան կը հրաժարին աւելցնել նաւթի արդիւնահանումը եւ հաւատարիմ մնալ «ՕՓԵՔ»-ի եւ խումբ մը արտադրողների կողմէ հաստատուած ծրագրին՝ Ռուսաստանի ղեկավարութեամբ:

The Wall Street Journal-ը կը նշէ, որ պըն Սալմանի եւ պըն Զայէտի՝ Պայտընի զանգէն հրաժարումը կ'արտայայտէ անոնց դժգոհութիւնը Եմենի պատերազմին Ուաշինկթընի աջակցութեան չափէն, ինչպէս նաեւ՝ Վիեննայի բանակցութիւններէն:

Թերթը կը մատնանշէ, որ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի հետ վատթարացած են Պայտընի վարչակազմի օրօք, քանի որ անոնք աւելի մեծ աջակցութիւն կը փափաքին Եմենի պատերազմին իրենց միջամտութեան համար եւ աջակցութիւն նաեւ Իրանի հետ միջուկային ծրագրին:

Ան յաւելած է, որ Մոհամմատ պըն Սալմանը, ըստ սէուտական պաշտօնատաներու, նոյնպէս կը փափաքի օրինական անձեռնմխելիութիւն ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ այնտեղ մի քանի դատական գործեր կը դիմակայէ, այդ շարքին` 2018 թուականին լրագրող Ժամալ Խաշոքճիի սպանութեան գործը:

Պարբերականը կը նշէ, որ Սպիտակ տունը աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ի հետ յարաբերութիւնները շտկելու ուղղութեամբ, քանի որ անոնք իր կողքին պէտք են այն ժամանակ, երբ նաւթի գիները մօտ 14 տարուայ ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով բարձրացած են մինչեւ 130 տոլար մէկ տակառի դիմաց:

Ամերիկեան աղբիւրներ, այլ ւիծի վրայ, բացայայտած են, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդականները կը դիտարկեն այս տարուայ գարնան Սէուտական Արաբիա անոր այցը կազմակերպելու հնարաւորութիւն` օգնելու վերականգնել յարաբերութիւնները եւ համոզել Թագաւորութիւնը աւելի շատ նաւթ մղել: