image

Ի՞նչ էր Հռոմի պապին մանկութեան երազանքը

Ի՞նչ էր Հռոմի պապին մանկութեան երազանքը

Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ֆրանչիսկոս պապը առաջին անգամ մասնակցած է իտալական RAI պետական հեռուստատեսութեամբ եթեր հեռարձակուող յայտագրին եւ պատմած է, որ մանկութեան տարիներուն ինչ երազած է դառնալ, ինչպիսի երաժշտութիւն կը սիրէ եւ անուանել սիրելի գրողը:

Արժանթինի մէջ իտալացի գաղթականներու ընտանիքի զաւակը յիշած է, որ շատ տարիներ առաջ շուկային մէջ նկատած է մսագործ մը, որուն գոգնոցէն դրամապանակ կախուած էր:

«Եւ ես ըսի, որ կը փափաքիմ մսագործ դառնալ: Երբ հարցուցին` ինչո՞ւ, ես ըսի` ահա թէ ինչքան դրամ ունի», յուշերով կիսուած է 85-ամեայ հովուապետը:

Վատիկանի առաջնորդը պատմած է նաեւ, որ տարուած է քիմիագիտութեամբ: Ան զինք մղած է դէպի բժշկութիւն:

«Ես կը պատրաստուէի 19 տարեկանին բժշկական բաժանմունք ընդունուելու, երբ ինձ կանչեցին ճեմարան», յայտնած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Պապը յիշեցուցած է իր սիրելի գրողին` Ֆէօտոր Տոսթոյեւսքիի մասին, նշած է, որ կը սիրէ դասական երաժշտութիւն եւ թանկօ: Խոստովանած է, որ իրեն անհրաժեշտ է ընկերային կեանքը, քանի որ ընկերները ուժ կու տան: