image

«Հըզպալլա»ի եւ նախագահ Աունի միջեւ տարակարծութիւններ չկան

«Հըզպալլա»ի եւ նախագահ Աունի միջեւ տարակարծութիւններ չկան

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան եւ նախագահ Աունի միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: Այս մասին յայտարարած է «Հըզպալլա»ին մօտիկ կանգնող բանբեր մը:

Աղբիւրը, որ խօսած է «Շարք Ալ-Աուսաթ» պարբերականին, նշած է, որ վերջին շրջանին «Հըզպալլա»ի եւ նախագահ Աունի ղեկավարած Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ կարգ մը տարակարծութիւններ տեղի ունեցած են՝ կապուած նոր կառավարութեան կազմութեան խնդրին, սակայն այդ տարակարծութիւնները հարթելի են եւ մտահոգիչ ոչինչ կայ:

Յիշեցնենք, որ «Հըզպալա»ի ղեկավարութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքի գլխաւոր ներկայացուցիչ՝ Ժըպրան Պասիլի միջեւ կարգ մը տարակարծութիւններ ծագեցան այն պահուն, երբ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուէր եւ «Հըզպալլա» մեծ փափաք ունէր, որ կազմուելիք կառավարութեան անդամ դառնան երկրի քաղաքական կեանքին մէջ նոր բաղկացուցիչ համարուող Անկախ սիւննիները: