image

«Հըզպալլա» հարուածեց Լիբանանի հետ Իսրայէլեան սահմանը. Թիրախը իսրայէլեան կեդրոններն էին

«Հըզպալլա» հարուածեց Լիբանանի հետ Իսրայէլեան սահմանը. Թիրախը իսրայէլեան կեդրոններն էին

Լիբանանի մէջ տեղակայուած «Հըզպալլա» շարժումը ստանձնած է Իսրայէլի բանակի երեք դիրքերու գնդակոծման պատասխանատւութիւնը։

«Պաղեստինի դիմադրութեան ուժերուն համերաշխութիւն յայտնելով՝ մեր մարտիկներն այսօր առաւօտեան գրոհ ձեռնարկած են սիոնիստական ​​բանակի երեք դիրքերու ուղղութեամբ՝ բռնագրաւուած լիբանանեան Շեպաա շրջանին մօտ»,- նշուած է «Հըզպալլա»-ի յայտարարութեան մէջ։

Նշուած է, որ իսրայէլեան բանակի, այդ շարքին՝  ռատիոտեղորոշումային կայանքի ուղղութեամբ հրթիռներ ու արկեր արձակուած են։