image

«Հըզպալլա» առնուազն 30 հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

«Հըզպալլա» առնուազն 30 հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

Իսրայէլի հիւսիսը հրդեհներ բռնկած են Լիբանանէն հրթիռակոծութեան եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներու հետեւանքով, հաղորդած են Ynet-ը եւ The Times of Israel-ը: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ հրդեհը մարելու ընթացքին վեց պահեստազօրի զինծառայող վիրաւորուած է:

Իսրայէլի հրշէջ-փրկարար ծառայութեան տուեալներով՝ քանի մը տուներ կրակ առած են Կիրեաթ Շմոնա եւ Քֆար Կիլատի քաղաքներուն մէջ։ Բացի այդ, հրդեհներ գրանցուած են Լիբանանին սահմանակից Գալիլեայի շրջանին մէջ։

Ընդհանուր առմամբ, հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ներգրաւուած է աւելի քան 30 հրշէջ խումբ։

Լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորումը, իր հերթին, յայտարարած էր Իսրայէլի թիրախներու ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու արձակման մասին։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով՝ ընդհանուր առմամբ արձակուած է առնուազն 30 հրթիռ։ Ատոնք բոլորն ինկած են բաց տարածքի մէջ։