image

«Հըզպալլա» առաջին անգամ հարուածած է ՑԱԽԱԼ–ի հրթիռային շտաբը՝ Լիբանանի հետ սահմանին

«Հըզպալլա» առաջին անգամ հարուածած է ՑԱԽԱԼ–ի հրթիռային շտաբը՝ Լիբանանի հետ սահմանին

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման մարտիկներն առաջին անգամ ըլլալով յարձակած են Իսրայէլի բանակի հրետանիի եւ հրթիռային զօրքերու շտաբի վրայ Թեւիրիատ լիճի հիւսիս-արեւմուտքը։ Այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոսթի՝ վկայակոչելով շարժման մամուլի ծառայութեան յայտարարութիւնը։

«Իսլամական դիմադրութեան մարտիկները հրթիռային հարուած հասցուցած են հրթիռային զօրքերու 282-րդ զօրախումբի շտաբին, զինամթերքի պահեստներուն եւ շտապ օգնութեան մէկ մասի տեղակայման Թեւիրիատ լիճի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Եաֆթախ շրջանին մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի Ռազմաօդային ուժերը, իրենց հերթին, հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի հարաւը գտնուող «Հըզպալլա»-ի հրթիռային կայանքներու ուղղութեամբ: