image

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հոկտեմբերի 18-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորական այցով հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր։ Կարեւորուած է յետպատերազմեան շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։  Անդրադարձ կատարուած է Սփիւռքի, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայութեան անվտանգութեան մարտահրաւէրները դիմակայելու առաջնահերթութիւններուն եւ համահայկական ծրագրերու ընթացքին ու արդիւնքներուն։