image

Իրան յայտնած է Թել Աւիւը եւ Հայֆան հարուածելու մասին

Իրան յայտնած է Թել Աւիւը եւ Հայֆան հարուածելու մասին

 

Իրան կը շարունակէ պատասխան հարուածները Իսրայէլի դէմ․ առաւօտեան թիրախ դարձած են Թել Աւիւի եւ Հայֆայի մէջ գտնուող զանազան կառոյցներ։ Այս մասին կը հաղորդէ  Tasnim գործակալութիւնը։

Կը նշուի, որ համացանցին մէջ տարածուած լուսանկարներուն համաձայն՝ Թել Աւիւի մէջ մեծ աւերածութիւններ եղած են, իսկ Հայֆայի մէջ պայթումներ որոտացած են։

Գործակալութիւնը կ՚աւելցնէ, որ փետրուար 28-էն ի վեր իրանական հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են տարածաշրջանի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան 14 ռազմակայաններ։

Աւելի վաղ Tasnim-ը հաղորդած էր, որ Իրանի իշխանութիւնները հաստատած են ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով երկրի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը։

Իր կարգին, The Jerusalem Post-ը կը հաղորդէ, որ Իրանի հարուածներուն պատճառով Իսրայէլի իշխանութիւնները հրահանգած են դադրեցնել դասերը դպրոցներուն մէջ, չեղարկել հասարակական ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ չներկայանալ աշխատանքի։ Այս որոշումը չի վերաբիր միայն այն աշխատողներուն, որոնց գործունէութիւնը հանրութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի։

Իսրայէլցի պաշտօնեաները Walla պարբերականին աւելի վաղ յայտնած էին, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածները Իրանի դէմ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակուին առնուազն մէկ շաբաթ։