image

Հուսիներու յարձակումները կը բարձրացնեն համաշխարհային սուրճի գիները

Հուսիներու յարձակումները կը բարձրացնեն համաշխարհային սուրճի գիները

«Ռոպուսթա» սուրճի գիները 2024-ի սկիզբէն ի վեր աճած են 11%-ով, իսկ 2023-ի նոյեմբերի սկիզբէն՝ 36%-ով՝ Կարմիր ծովու բեռնափոխադրումներուն առնչուող խնդիրներու պատճառով: «Ռոպուսթա» սուրճի ամենայայտնի տեսակներէն մէկուն մատակարարումներու մեծ մասը կ'առաքուի Սուէզի ջրանցքով: Հուսիներուն առնչուող խնդիրներն աւելի սրընթաց դարձուցած են «Ռոպուսթա» սուրճի գինի աճը, 2023 թուականին, սակարանին մէջ այն թանկացած է գրեթէ 77%-ով։

«Ռոպուսթա» սուրճի գիները 19 յունուարին եղած են 3063 տոլար մէկ թոնի դիմաց, իսկ անկէ երկու օր առաջ՝ 17 յունուարին՝ 3170 տոլար: Ըստ վերլուծաբաններուն՝ աճող պահանջարկը, եղանակային անբարենպաստ պայմանները եւ պարարտանիւթի գինի աճը թոյլ չեն տար, որ գիներն իջնեն գոնէ գալիք տարուան մէջ: Կարմիր ծովու առեւտրային նաւերուն վրայ հուսիներու յարձակումները միայն վատթարացուցած են իրավիճակը։

Անցեալ տարի Վիեթնամ հաւաքած էր վերջին չորս տարուան ընթացքին սուրճի ամենափոքր բերքը, հողագործները սկսած են աճեցնել աւելի շահաւէտ մշակաբոյսեր: Երկրորդ խոշոր սուրճ արտադրող Պրազիլիոյ բերքին վրայ ազդած է երաշտը, իսկ Ինտոնեզիոյ մէջ, բերքատուութիւնը նուազեցուցած են յորդառատ անձրեւները։

Հուսիներու յարձակումները վերջերս խաթարած են Վիեթնամի սուրճի արտահանման առանցքային երթուղին, բեռնափոխադրողները ստիպուած կ'անցնին աւելի երկար երթուղիներով: Հետեւաբար գնորդները սկսած են խուսափիլ վիեթնամական «Ռոպուսթա» արտադրողներու հետ առնչուելէ: Պատճառը՝ առաքման ծախսերու աճն է եւ տարանցման երկար ժամանակը: Ընդ որում՝ Պրազիլիա չի կրնար փոխարինել Վիեթնամը սուրճի մատակարարումներով, քանի որ Վիեթնամ կ'արտադրէ «Ռոպուսթայի» համաշխարհային ծաւալներու աւելի քան մէկ երրորդը: