Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ Իրանի գործողութիւնները կը դատապարտուին, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու յարձակումներն ամբողջութեամբ կ՚անտեսուին։
«Այժմ կ՚ուզէք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ բանաձեւ ներկայացնել ճիշդ այդ ոգիով․․․ դատապարտել Իրանի յարձակումը՝ ոչ մէկ խօսք ըսելով Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններու մասին», - ըսած է Լաւրովը՝ ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման թեմայով դեսպանական «կլոր սեղանի» ժամանակ։
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է արեւմտեան երկիրներու կիրառած «երկակի չափանիշերու» քաղաքականութիւնը տարածաշրջանային հակամարտութիւններու գնահատման հարցով։