image

Հուսիներ Ատենի ծոցին մէջ յարձակած են ամերիկեան USS Lewis B. Puller նաւուն վրայ

Հուսիներ Ատենի ծոցին մէջ յարձակած են ամերիկեան USS Lewis B. Puller նաւուն վրայ

Եմէնի «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) ապստամբական շարժման անդամներն Ատենի ծոցին մէջ հրթիռային յարձակում գործած են Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու USS Lewis B. Puller նաւու վրայ:

Այս մասին յայտնած է հուսիներու շարժման խօսնակ Եահիա Սարիան:

«Եմէնի ռազմածովային ուժերը, 28 յունուարին, հականաւային հրթիռ արձակած են ամերիկեան Lewis B. Puller նաւու վրայ, երբ այն կը գտնուէր Ատենի ծոցին մէջ», -ըսած է Սարիան «Al Masirah» հեռուստաալիքի եթերին: