image

Հրթիռներ Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանին վրայ. Վիրաւորուած է Աւետիս Պարսումեանը

Հրթիռներ Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանին վրայ. Վիրաւորուած է Աւետիս Պարսումեանը

Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի կեդրոնական համարուող շրջաններու վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ երէկ ընդդիմադիր զինեալներու թիրախ դարձած են Դամասկոսի «Ալ Քասսահ» եւ «Պապ Թումա» շրջանները, ուր հրթիռարձկումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են տասնեակ քաղաքացիներ: Մեր տեղեկութիւններով, վիրաւորուած է նաեւ դամասկահայ Աւետիս Պարսումեանը, որ փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ենթարկուած է վիրաբուժութեան: Պարսումեանին վիճակը կը գնահատուի կայուն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս փոխանցեց, որ մայրաքաղաքի մօտիկ եղող հատուածներուն մէջ գրացուած են ծանր բախումներ ու հրթիռներուն պայթումներու ձայնը լսելի դարձած է ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ: