image

Հրթիռարձակման ենթարկուած է Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի շրջանը

Հրթիռարձակման ենթարկուած է Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի շրջանը

Այսօր ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի շրջանը: Այս մասին կը յայտնէ «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստանալով Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Սուրիոյ բանակի օդուժը ծանր հարուածներ տուած է մայրաքաղաքի «Ալ Ճոպար» շրջանին ուղղութեամբ, ուր նոյնպէս կը գտնուի թեմի առաջնորդարանն ու Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին:

«Հայ Ձայն» լրատուական գործակալութիւնը կապ հաստատելով Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդարանին հետ, պարզած է, որ եկեղեցին եւ առաջնորդարանը վնասներ չեն կրած:

Յիշեցնենք, որ Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանը կը գտնուի Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ եղող հատուածին մէջ եւ անոր հանդիպակաց շրջանին մէջ տեղակայուած են ընդդիմադիր զինեալներու դիրքեր: Բանակը ստիպուած եղած է օդային գրոհներ տալ ընդդիմադիրներու դիրքերուն ուղղութեամբ, որոնք վերջին օրերուն սկսած էին յաւելեալ աշխուժութիւն ցոյց տալ: