image

Հրապարակուած է Տեղ գիւղին մէջ ատրպէյճանեան ուժերու տեղակայման տեսանիւթը (Տեսանիւթ)

Հրապարակուած է Տեղ գիւղին մէջ ատրպէյճանեան ուժերու տեղակայման տեսանիւթը  (Տեսանիւթ)

«Ազգային վերահսկողութեան համակարգ» Հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, պահեստազօրի սպայ Արթուր Գրիգորեանը տեսանիւթ հրապարակած է Տեղ գիւղի մերձակայքէն, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կ'ամրանան տեղանքին մէջ:

«Տեսանիւթում ողջ զինուորական տեխնիկան ադրբեջանական է: Սա ադրբեջանցիների կողմից նոր օկուպացուած (բռնագրաւուած) տարածքներն են Տեղ համայնքում»,- գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած էր Տեղ գիւղի մօտ որոշ տեղերու մէջ ատրպէյճանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներուն, սկսած է դիրքաւորուիլ եւ իրականացնել ճարտարապետական աշխատանքներ:

Հայկական կողմի հաշուարկներով հինգ այդպիսի կէտ կայ, ուր ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-էն 300 մեթր աւելի առաջ տեղակայուած է: Այժմ պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է, որ երկու կողմերու քարտէզագիրները ճշգրտեն իրավիճակը: Հայկական կողմը իրավիճակին կը մօտենայ լարուածութիւն թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ: