Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի աշխատակից՝ Լուսյէն Քոփար յիշատակելով Հրանդ Տինք կերպարը մասնաւորապէս կ՚ըսէ՝
«Արեւմտեան կողմը աշխարհին թող խաղաղութիւն ըլլայ: Բոլոր անոնք, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն, անոնց խաղաղութիւն թող ըլլայ: 16 տարիներ անցան այդ դաժան օրէն այս կողմ, 16 երկար տարիներ, ու մենք կը պահանջենք արդարութիւն դեռ, արդարութիւն բոլոր անոնց, որոնք զոհուած են գաղափարներուն համար իրենց: Կը յիշեմ 19 յունուար 2007-ը թիւ, կը յիշեմ Հրանդ Տինքը «Ակօս»ին մէջ մեզ հետ է, պատուհանէն դուրս կը նայի, ձեռքերը գրպանը, ու ես անոր կը նայիմ, ու մենք կը լսենք, կը մրմնջայ երգ մը թրքերէն: Կը յիշեմ Հրանդ Տինքը ամէն օր համարեայ, կը յիշեմ իր ուսուցած ամէն բանը, ու կը յիշեմ իր երգերը, իր խօսքերը, մեզ հետ անցուցած ամէն օրը, ու այդ օրը կը յիշեմ, սպաննուած օրը, որ արիւններու մէջ թաթախուած էին իմ ոտքերը»: