Այս տարի իր լրումին հասաւ պոլսահայ խիզախ լրագրող, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր՝ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 16-րդ տարելիցը։ Այդ առթիւ «Արեւելք» պատեհ համարեց կապ հաստատել պոլսահայ համայնքի գործիչներու հետ, որոնք իրենց սրտի խօսքը յղեցին մեզի։
Եւ այսպէս՝ խօսելով Հրանդ Տինքի թողած աւանդին մասին պոլսահայ համայնքի անդամ՝ Ռոմանոս Ճիզվէճեան կ'ըսէ՝ «Հրանդի յիշատակը մեր սրտերուն մէջ է: Այս քաղաքի ամենահեռաւոր փողոցին մէջ անգամ Հրանդը ներկայ է: Հայ ժողովուրդը գիտէ թէ ով էր Հրանդը: Հրանդը խաղաղութեան եւ սիրոյ զինուոր էր, Հրանդը վաճառական չէր, Հրանդը քաջ լրագրող մըն էր, ան կը հաւատար, որ հայոց հարցը այս երկրի մէջ, Թուրքիոյ մէջ պիտի լուծուի: Ան մահացաւ, սակայն չհեռացաւ մեզմէ, եւ այսօր ալ անոր յիշատակով կ'ապրինք, անոր գաղափարներով կ'ապրինք, անոր սիրոյ եւ խաղաղութեան համար մարզուած ձեռքերը մեզի համար լոյսի նոր ճամբաներ կը բանան: Հրանդը հերոս էր»: