ՀՕՄ-ուհիներու հաւաք Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

 ՀՕՄ-ուհիներու հաւաք Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Օրերս Երեւանի մէջ կայացած է ՀՕՄ-ուհիներու հերթական հաւաք մը կազմակերպութեամբ՝ «Կռունկ» մասնաճիւղին։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ միութեան տարածած թղթակցութենէն:

Թղթակցութեան մէջ նաեւ գրուած է՝

Մեծ մասամբ Հալէպահայ անդամուհիներով համալրուած այս մասնաճիւղը նոր եռանդ կը փոխանցէ Հայաստանով եւ Արցախով մէկ տարածուող ՀՕՄ-ի ընդհանուր գործունէութեան։

Ինչպէս Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ՀՕՄ-ական տիկիններ նուիրական նոյն ոգիով եւ տրամադրութեամբ կը շարունակեն իրենց ազգանուէր գործունէութիւնը։

Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին մասին «Արեւելք» մասնաւորապէս իմացաւ ՀՕՄ-ի «Կռունկ» մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

ՀՕՄ-ի Երեւանի «Կռունկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր, Աշնանային մտերմիկ միջոցառում մը Հինգշաբթի 17 Նոյեմբեր 2022_ին,"Պարոն" ճաշարանէն ներս։

Ձեռնարկը ընթացաւ տաքուկ մթնոլորտի մէջ ։

Սոյն օրուայ ներկայացուած յայտագիրը և կենդանի երաժշտութիւնը հաճելի պահեր փոխանցեցին սիրելի ընկերուհիներուն և մեր մէջ գտնուող յարգելի հիւրերուն։

Ներկաներուն ջերմեռանդ խօսքերն ու շնորհակալական արտայայտութիւնները վարչութեանս կը պարտաւորեցնեն ,կը գօտեպնդեն և կը կրկնապատկեն անխոնջ  եւ անսակարգ ծառայութեան ընթացքը։

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն և կամաւոր ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք զօրավիգ հանդիսացան և նպաստեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։