Յուզիչ լուրով մը Գանատայի «Հորիզոն»ը կը գրէ, որ օրերս մահացած ՀՕՄ-ի նուիրեալ գործիչներէն Վանուհի Իսաջանեանի աճիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ տեղաւորուած աւելի վաղ նաեւ իր ճիգերով Հայաստան տեղափոխուած Հայ Ազատագրական պայքարի անմահանուն գործիչներէն՝ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին մէջ։
Պարբերականը այս մասին հրապարակած է կարճ տեղեկութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ընկհ. Վանուհի Իսաջանեան իր վերջին հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։
1998 ին` Հայաստանի Հանրապետութեան 80 ամեակին առիթով և այդ օրերու ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանի ջանքերով` Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան Հայրենիք։
Նորօք հանգուցեալ Ընկհ. Վանուհիի փափաքին համաձայն, այսօր իր աճիւնները տեղադրուեցան Սօսէ Մայրիկի շիրմաքարին տակ և միախառնուեցան անոր աճիւններուն։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-Ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ Անի Օհանեան, ընկհ. Սիւզի Պոյամեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ ընկ. Բագրատ Եսայեան եւ Հայաստան հաստատուած ու Վանուհիի հպարտ աշակերտ ընկհ. Կարին Յովսէփեան։
Հանգիստ ու խաղաղ ննջեցէք հայ ազատագրական պայքարի դիւցազնուհի և ՀՕՄ-ին ու Դաշնակցութեան ճանապարհը ծաղկուն պահող ընկերուհի։