image

Հնդկաստանի իշխանութեանց կարծիքով Նիւ Տելհիի մէջ եղած պայթումը պատրաստուած է Իրանի կողմէ

Հնդկաստանի իշխանութեանց կարծիքով Նիւ Տելհիի մէջ եղած պայթումը պատրաստուած է Իրանի կողմէ

2021-ի յունուարին Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած պայթումին հա մար պատասխանատու են Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի» «Ալ-Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ուժերը։ Հետաքննութեան ընթացքին նման եզրակացութեան յանգած են Հնդկաստանի հակաահաբեկչական գերատեսչութիւնները, յայտնած է The Hindustan Times թերթը:

Ինչպէս կը պնդեն փորձագէտները, «Իրանը ահաբեկչութիւն ծրագրած է, եւ այն իրականացուցած է տեղի շիաներու միաւորման ներկայացուցիչներու օգնութեամբ»։

«Այն փաստը, որ ռումբը ոչ մեծ հզօրութեան էր եւ մարդկային զոհերու չէր յանգեցներ, հաւանաբար, պայմանաւորուած էր բարեկամ երկրի՝ Հնդկաստանի հետ յարաբերութիւնները փճացնելու իրանցիներու մտավախութեամբ»,- հրատարակութիւնը մէջբերած է հնդիկ փորձագէտի խօսքը:

Ինչպէս նշած է թերթը, դէպքի վայրին մէջ նաեւ յայտնաբերուած է Հնդկաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հասցէագրուած նամակ, որուն մէջ հեղինակը դիւանագէտին ահաբեկիչ անուանած է։ 

Յիշեցնենք, որ Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ պայթումը տեղի ունեցած էր 29 յունուարին։ Ոչ ոք տուժած էր։