Իւրայատուկ քայլով մը եւ առ ի կատարումն տարի մը առաջ կեանքէ հեռացած ՍԴՀԿ նուիրեալ գործիչ՝ Տիգրան Սարաֆեանի կտակը, օրերս հանգուցեալի հարազատներուն ճիգերով (մասնաւորապէս ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի կողմէ տարուած ճիգերուն) հանգուցեալի աճիւնները Միացեալ Նահանգներէն փոխադրուած են Պէյրութ եւ ամփոփուած ՍԴՀԿ մեծ գործիչներուն յատկացուած դամբարանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթէն։
Թերթին մէջ տեղ գտած թղթակցական գիրը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն եւ խոնարհումով կը ցաւակցինք նուիրեալ գործիչի ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանին, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի վշտակիր ընկերներուն եւ գաղափարակիցներուն։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան երբեմնի ղեկավարներէն՝ հասարակական-միութենական ծանօթ գործիչ Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանի կտակը կատարուած է: Հանգուցեալ ընկերոջ աճիւնը վերջապէս կը հանգչի Ֆըռն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատան կուսակցութեան պանթէոնին մէջ: Շաբաթ, 22 Յունուարի կէսօրին, Ընկ. Սարաֆեանի աճիւնի տեղադրումի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հնչակեան պանթէոնին մօտ, ներկայութեամբ Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանի զաւկին` ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանին, վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանին, Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի փոխատենապետ Ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեանին, կուսակցութեան միաւորներու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն: ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբի կատարողութեամբ մահուան նուագի ունկնդրութենէն ետք, արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան եւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Հեճինեան կատարեցին թաղման կարգը, իսկ գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի պատշաճ յայտագիր:
Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան ներկայացուց Լիբանանի շրջանի ցաւակցական խօսքը, որմէ ետք խօսք արտասանեց ՀՄՄ-ի երբեմնի ատենապետ, լրագրող եւ մտաւորական Սարգիս Նաճարեան: Պահը որակելով յուզումնախառն, Նաճարեան անշահախնդիր ծառայասիրութեան տիպար մը որակեց հանգուցեալ ընկերը եւ նշեց, որ ան եղած է գաղափարանուէր սերունդի մը խորհրդանիշը եւ կուսակցութեան գաղափարներու դրօշակակիրը: “Կարելի չէ թաղել խորհրդանիշ մը, որպիսին եղաւ Տիգրան Սարաֆեանը”, ըսաւ Սարգիս Նաճարեան եւ պատմեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ինչպէս տիրական էր անոր ներկայութիւնը միջկուսակցական համակարգիչ մարմինին մէջ, որուն նպատակն էր գործադրել դրական չէզոքութիւնը` ապահովելու հայութեան համերաշխութիւնը:
Աւարտին, Սարաֆեան ընտանիքին կողմէ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան: Դիտել տալով, որ իր կուսակցական եւ հայրենասիրական դաստիարակութիւնը ստացած է հօր գաղափարանուէր շունչին տակ, Ընկ. Սարաֆեան հաւաստիացուց, որ միշտ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր գաղափարին: Ան նշեց, որ Ընկ. Տիգրան Սարաֆեան մեծ յարգանք կը վայելէր լիբանանահայ կուսակցութիւններու եւ զանազան շրջանակներու մօտ:
Ապա, Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանի ընտանիքը ցաւակցութիւններ ընդունեց ՀԿԲՄ-ի դարմանատան մէջ:
Նշենք, որ շուրջ կէս դար լիբանանահայութեան ծառայած, ազգային, կուսակցական եւ միութենական բարձրագոյն պաշտօններ ստանձնած, սակայն կեանքի վերջին տարիները Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրած եւ այնտեղ մահացած Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանի փափաքն էր վերջնականապէս ննջել Լիբանանի` Հնչակեան կուսակցութեան պանթէոնին մէջ: Անոր այս կտակը երբեք զարմանալի չէր: Հանգուցեալ ընկերը ականատեսն էր Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան լաւագոյն եւ վատագոյն օրերուն, միշտ ունենալով իր դրական ներդրումը: Անոր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը յատկանշական էին մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներուն, երբ ան ստանձնեց կուսակցութեան գործունէութիւնը կազմակերպող արտակարգ մարմինի ղեկավարութեան խիստ պատասխանատու եւ պահանջկոտ պաշտօնը: Այդ հանգամանքով ան հանդիսացաւ լիբանանահայութեան դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը մշակողներէն եւ հետեւողականօրէն գործադրողներէն մէկը, այդպիսով ապահովելով գաղութին համեմատական անվտանգութիւնն ու կենսունակութիւնը: Հետեւաբար, բնական էր ու անհրաժեշտ, որ անձնուէր ծառայութեամբ լիբանանահայութեան նուիրուած, այս գաղութի կարեւորութեան ու բարօրութեան միշտ հաւատացած ղեկավար ընկերոջ աճիւնը Լիբանանի մէջ վերջապէս հանգչէր Սարգիս Տխրունիի եւ Միհրան Աղազարեանի նման հնչակեան ղեկավարներու կողքին` կուսակցութեան պանթէոնին մէջ: