image

Հնչակեան գործիչ, գրող եւ մտաւորական Մանուէլ Ադամեան ոչ եւս է

Հնչակեան գործիչ, գրող եւ  մտաւորական Մանուէլ Ադամեան ոչ եւս է

ՍԴՀԿ  մամուլէն  վերահասու դարձանք , որ Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հնչակեան  գործիչ, գրող եւ մտաւորական Մանուէլ Ադամեանը։

 Այս մասին  կարճ մահագրութիւն մը տարածած է ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ կը ներկայացնենք  ստորեւ. 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Խոր ցաւով կը գուժէ Ընկեր ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Լոնտոնի մէջ:

Ընկ. Ադամեան եղած է  ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ`  ծաւալելով կուսակցական, ազգային, հասարակական, կրթական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն  Լիբանանի եւ  Լոնտոնի մէջ:

Որպէս գրող ու բանաստեղծ ան հեղինակն է բազմաթիւ Հատորներու: Եղած է  խմբագիրը Լոնտոնի մէջ հրատարակուած «Նոր Սերունդ» պարբերականին:

Ընկ. Ադամեան եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ ու արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու եւ պարգեւներու: