Փրակի «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան համոզուած է, թէ Հայաստանի առկայ անմխիթար իրավիճակը քաղաքական տհասութեան հետեւանք է։ Վերջերս Յակոբ Ասատրեանի կարծիքը շօշափեցինք հայաշխարհի հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր տեսակէտներուն սղագրութիւնը։
*
-«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դարձեալ հեռուստամարաթոն մը կազմակերպեց, սակայն, ան կարծէք, թէ առաջուան հմայքը չունի։ Ի՞նչ են պատճառները։
-Հիմնական պատճառը, կ՚երեւի, բոլորին յայտնի է։ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ, սփիւռքահայութեան մէջ առկայ է մեծ հիասթափութիւն։ Եւ սա կապ ունի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հիմնադրամէն 100 միլիոն տոլար վերցնելու եւ գումարը ծախսելու առումով թափանցիկութիւն չապահովելու հետ։ Այո՛, սա համահայկական ամենալայն զանգուածներ համախմբող եւ շրջանառող կառոյցն է, որուն կ՚անդամակցէին եւ կ՚աջակցէին եկեղեցական, կուսակցական, միութենական տարբեր պատկանելիութիւններէ, սփիւռքահայութեան գրեթէ բոլոր շրջանակները, նաեւ անհատ սփիւռքահայեր, որոնք որեւէ կազմակերպութեան հետ կապ չունէին։ Բայց վերջին տարիներուն, հիմնադրամի պարագային ստեղծուած ենթակայական եւ առարկայական վերաբերմունքին հետեւանքով թէ՛ վստահութիւնը եւ թէ հետաքրքրութիւնը մարեցաւ։ Հիմա, այն մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն Հայաստանին կամ արցախահայութեան օգնել, իրենք իրենց ճանապարհով կամ կառոյցներու միջոցով կ՚երթան եւ տեղւոյն վրայ աջակցութիւն կը կատարեն՝ իրենց համար հետաքրքրական կառոյցներուն։ Այս կառոյցը, որու հիմքին շատ կարեւոր գաղափարներ կային, չէի ուզեր, որ այսպէս տկարանար։
-Այս վիճակը կապ ունի ո՛չ միայն հիմնադրամին, այլեւ՝ զանազան կառոցներու հետ։ Սփիւռքի պարագային որոշ չափով սառած վիճակ կայ։ Ի՞նչ է դեղատոմսը։
-Ինչպէս նշեցի, միայն թափանցիկութեան ապահովումը կրնայ այդ անտարբերութեան շղարշը վերացնել։ Ես այդ մէկը ո՛չ միայն հիասթափութիւն կը համարեմ, այլեւ ամբողջական անտարբերութիւն Հայաստանի վերաբերեալ ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս անոր անցուդարձին դէմ՝ յատկապէս անցեալ սեպտեմբերի Արցախի հայաթափումէն ետք։ Արդարեւ, մարդիկ, որոնք երեսուն տարի շարունակ Արցախի մէջ ներդրումներ ըրած էին, տեսան՝ որ իրենց ամբողջ ներդրումը գնաց, կորսուեցաւ զուտ քաղաքական տհասութեան պատճառով։ Սա միայն պատերազմի հետեւանքով չէ, այլեւ վատ դիւանագիտութեան հետեւաքն է։ Այս պատճառով ալ սփիւռքի մէջ որդեգրուեցաւ նման վերաբերմունք Հայաստանի ծրագիրներուն դէմ։ Ի հարկէ, այդ աշխատանքը կարելի է աշխուժացնել, կարելի է սփիւռքէն ընտրուած վերահսկող խումբեր կամ խորհուրդներ ստեղծել, որոնք տեղւոյն վրայ կրնան մշտադիտարկում իրականացնել կամ վերահսկողական աշխատանքներ կատարել եւ այնուհետեւ զեկուցել, թէ ուղարկուած գումարները իրենց նպատակին ծառայած են կամ ոչ։ Բայց սա երկարատեւ ընթացք մըն է, որովհետեւ խախտուելէ ետք վստահութիւնը ժամանակ կը պահանջէ։ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի վերջին ժողովին, նոյնիսկ ներկայ չէին եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու առաջին դէմքերը։ Այն կառոյցները, որոնք հիմնադիր կազմին մէջ էին, անոնք արդէն հիասթափուած են, ուր մնաց սովորական ժողովուրդը։
-Այսօր յաճախ կը խօսուի, թէ շատ մօտ ենք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին, սակայն յաճախ կը զգանք, որ շատ ալ հեռու ենք անկէ։ Ի՞նչ է ձեր պատկերացումը։
-Խաղաղութիւնը, ի հարկէ, ցանկալի բան է ու ոչ մէկ գիտակից մարդ դէմ կ՚ըլլայ խաղաղութեան, սակայն խաղաղութեան երթալու համար նաեւ պէտք է ուժեղ ըլլաս եւ յստակօրէն ձեւակերպես քու ազգային, պետական առաջնահերթութիւնները։ Եթէ խաղաղութեան պայմանագրին երթալէ առաջ արդէն ցոյց կու տաս թոյլ կողմերդ՝ յարմարուողականութիւնդ ու զիջողականութիւնդ, ապա այդ պարագային շատ դժուար է այդ մէկը խաղաղութիւն անուանել։ Գուցէ այդ մէկը կ՚ըլլայ հաշտուողականութիւն եւ դարձեալ տարածքային կորուստներ։
Եթէ նկատի ունիք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» բանաձեւը, որ ներկայացուած է Հայաստանի վարչապետին կողմէ, ապա այդ մէկը տարբեր չէ աւելի առաջ ներկայացուած՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծրագիրէն։ Ուղղակի տարբեր ծրարով մը կը ներկայացուի։ Այդ ներկայացուած նախագծին մէջ պէտք է մէկ բան յստակ ըլլայ։ Եթէ Ատրպէյճան կամ Թուրքիա պատրաստ չեն ընդառաջել Հայաստանի պահանջներուն կամ առաջարկներուն, ապա նոյն ձեւով, Հայաստանն ալ պէտք չէ ընդունի անոնց պահանջները։ Տակաւին չեմ ըսեր, որ ի սպառ պէտք է բացակային այդ անքլաւներու մասին խօսակցութիւնները, որովհետեւ ինչպէս մասնագէտները նշած են՝ Ատրպէյճանը չ՚ընդունիր Խորհրդային ժամանակաշրջանի Հայաստանի սահմանները։ Նախ եւ առաջ, այդ բոլոր բանակցութիւններու սկիզբին պէտք է դրուէր երկու խնդիր։ Ատրպէյճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս պէտք է հանէր իր զինեալ միաւորումները, պէտք էր վերադարձնէր բոլոր գերիները եւ միայն անկէ վերջ պէտք է սկսիլ խաղաղութեան կէտերու քննարկման։ Այլապէս, ռազմագերիները պատանդի կարգավիճակով պահելով Ատրպէյճան պիտի փորձէ ամբողջ բանակցային գործընթացին մէջ թելադրել իր ուզածը։ Ինչպէս ղարաբաղեան հարցը երեսուն տարի շարունակուեցաւ, այնպէս ալ այս գործընթացը կրնայ երեսուն տարի տեւել եւ իրենք մեր տարածքէն դուրս չեն գար՝ մինչեւ որ մենք իրենց ուժով դուրս հանենք։
-Այստեղ խորքային հարցը այն է, թէ խաղաղութիւնը այլընտրանք ունի՞։ Հայաստան ինչպէ՞ս պէտք է գործէ, որպէսզի այս փուլը անվնաս եւ անվտանգ անցընէ՝ քանի պատրաստ չէ նոր պատերազմի եւ նոր կորուստներու։
-Սա կրնայ ընդհանրապէս «Խաղաղութեան խաչմերուկ» չըլլալ, այլ ըլլալ խաղաղութեան պայմանագիր։ Այստեղ այլ հարց մը կայ. Հայաստան այս ընթացքը պէտք է օգտագործէ, որպէսզի միջազգային դիտորդական եւ խաղաղապահ ուժերու ներթափանցումը ապահովէ։ Եւ երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու հետամուտ այս գործը պէտք է հնարաւորինս արագ իրականացնել, որովհետեւ Եւրոպայի խաղաղապահներու ներկայութիւնը զսպող գործօն կրնայ ըլլալ, որպէսզի նոր պատերազմ մը չծագի։ Այդ ընթացքին պէտք է ռազմարդիւնաբերութիւնը զարգացնել, ժողովուրդին կրթական, գիտական ու մտաւոր ընդունակութիւնները զարգացնել։ Այս բոլորը վերջին պատերազմէն եւ համավարակէն ի վեր շատ ցած մակարդակի վրայ են։ Ի հարկէ, պէտք է մեծ աշխատանք տանիլ, որպէսզի այդ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան կարենայ ստանալ առաւելագոյնը՝ իրմէ պահանջուած զիջումներուն դիմաց։ Այսինքն, եթէ Ատրպէյճան Մեղրիի միջանցքը կամ Մեղրիով անցնելու ճանապարհ կ՚ուզէ, ապա Հայաստանն ալ պէտք է պահանջէ Երեւանէն մինչեւ Ջուլֆա կամ Կապանէն մինչեւ Գորիս ճանապարհները, որոնց պարագային պէտք է ըլլան անվտանգութեան երաշխիքներ։
Այստեղ, ի հարկէ, բոլորին համար պարզ է, որ Ատրպէյճանի պահանջներու ետին կանգնած են Թուրքիան ու Ռուսաստանը, նաեւ Իսրայէլը։ Հետեւաբար, մենք պէտք է Ատրպէյճանը ուղղորդած ուժերուն ներկայացնենք այն ուժերը, որոնք կարողութիւնը ունին այս խաղին մէջ մեզի աջակից դառնալու։ Հիմա կը տեսնենք, որ աշխուժացած են Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ ռազմական կապերը։ Ի հարկէ, պէտք է շարունակել խորացնել անվտանգային համագործակցութիւնը Իրանի եւ Վրաստանի հետ եւս։ Արդարեւ, առանց այս երկու հարեւաններուն, Հայաստան որեւէ ձեւով չի կրնար դուրս գալ առկայ թնճուկէն։ Գալով «թրքացման» վերաբերեալ քննադատութիւններուն, ի հարկէ, այդ վտանգը կայ։ Այսինքն, եթէ սահմանները բացուին եւ եթէ խիստ օրէնսդրութիւն չըլլայ՝ Հայաստանի բնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար, ապա նման բան կրնայ տեղի ունենալ։ Օտարներու ներխուժումի հաւանական բացասական ազդեցութիւնները պէտք է հաշուարկուին։ Միջազգային փորձառութիւն կայ եւ այդ ամէնը կարելի է ապահովել թէ՛ օրէնսդրական առումով եւ թէ մաքսային ու սահմանային այլ կարգադրութիւններով։
Սագօ Արեան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն