image
Հրատապ լուրեր:

Հիմնադրուած է Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ «Կարօ Յովակիմեան հիմնադրամ»ը

Հիմնադրուած է Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ «Կարօ Յովակիմեան հիմնադրամ»ը

Անմահացնելու համար  Արցախեան վերջին  պատերազմին ընթացքին նահատակուած Կարօ Յովակիմեանի յիշատակը Կարոյի հայրը՝  Սարգիս Յովակիմեան հիմնադրած է  «Կարօ Յովակիմեան հիմնադրամ»ը։

Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ  համացանցէն։

Այս  առթիւ ալ հրապարակուած  կարճ  հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք  ստորեւ՝

«Կարօ Յովակիմեան» բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է ժամանակի ծանր, բայց միեւնոյն ժամանակ պարտաւորեցնող հանգամանքներու առկայութեան պայմաններուն։

Հիմնադրամը կը կրէ մերօրեայ հերոս՝ սերժանտ Կարօ Սարգիսի Յովակիմեանի անունը, որ արցախեան 3-րդ՝ 44-օրեայ պատերազմի անմահ նահատակներէն է։ Կարօն ծնած է 2000-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպ քաղաքը։ 2003-ին ծնողներուն հետ հայրենադարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւան քաղաքի Խ․ Աբովեանի անուան թիւ 2 դպրոցը։

Ապա կրթութիւնը շարունակած է Արտաշէս Շահինեանի անուան ֆիզիկամաթեմատիկական դպրոց։ Աւարտական դասարանը աւարտած է Գէորգ Էմինի անուան դպրոց։ 2018-ին ընդունուած է ԵՊԲՀ-ի Մ․ Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական ֆակուլտետը։ Ցաւօք, ուսումը մնացած է անաւարտ՝ կեանքը նուիրելով հայրենիքին։

Կարօն աշխոյժ եւ տոկուն երիտասարդ էր, որ կրթութեան զուգահեռ կը յաճախէր հայկական ազգագրական պարերու դասընթացներու, Արեւելեան մարտարուեստի եւ կիթառի պարապմունքներու։ 

2019-ի Յունուարին զօրակոչուած է Հայոց բանակ եւ ծառայութիւնը իրականացուցած  որպէս բուժակ։ Գերազանց եւ կարգապահ ծառայութեան համար արժանացած է Սերժանտի զինուորական կոչման։

27 Սեպտեմբերին սկսած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին իսկ օրերէն կատարած է հայրենիքի եւ զինակից ընկերներու հանդէպ իր պարտքը։ Նահատակուած է 2020-ի 10 Հոկտեմբերին Հադրութի համար մղուած մարտերուն:

Փորձելով իրենց վիշտը յաղթահարել Անմահ հերոսի ծնողները որոշած են ստեղծել «Կարօ Յովակիմեան Բարեգործական» հիմնադրամը՝ իմաստաւորելու եւ շարունակելու ապագայ բժիշկ՝ Կարոյի կիսատ թողած գործը՝ բժշկելու առաքելութիւնը։ 

Այդ նպատակին համար ներդրուած են պետութեան կողմէ տրամադրուած զոհուած զինուորի աջակցութեան, թոշակի եւ մահուան նպաստի բոլոր գումարները, ինչպէս նաեւ Կարոյի մահուան առիթով հաւաքուած մասնաւոր այլ գումարային նուիրատուութիւնները, այդ բոլորը ծառայացնելով բարեգործութեան նպատակին։

Շուտով տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացումը։

Հիմնադրամին ուղղուած հարցերուն համար զանգահարել 

095-44-44-20 հեռախոսահամարին

#մերօրյահերոս #հայզինվոր #բարեգործականծրագիր #հիմնադրամ