image
Հրատապ լուրեր:

Հիասթափուած եմ. Ամերիկան օգնութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին. Պըրպանքի քաղաքապետ

Հիասթափուած եմ.  Ամերիկան օգնութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին. Պըրպանքի քաղաքապետ

ԱՄՆ–ի Լոս Անճելըսի շրջանի Պըրպանքի քաղաքապետ Քոնսթանթին Էնթընին հանդիպման եկած է քոնկրեսական Ատամ Շիֆի տան մօտ նստացոյց ընող հայերու հետ։ Անոնք Էնթընիին ներկայացուցած են իրենց պահանջները եւ ըսած, որ պիտի մնան այդտեղ, մինչեւ Շիֆը չիջնէ ու չխօսի իրենց հետ։

Նշենք, որ ցոյցի մասնակիցները մինչ այս, 3 օր նստացոյց կ'ընէին Շիֆի գրասենեակի առաջ` կոչ ընելով անոր մեկնելու Հայաստան` Կոռնիձոր, այնուհետեւ երթալու նաեւ Լաչինի միջանցք`տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին։ Ցոյցի մասնակիցները կը շարունակեն պահանջել բանալ Արցախի կեանքի ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը:

«Մենք կ'ուզենք, որ ան իջնէ, այդ կարեւոր է։ Դուք մեզ այստեղ ամէն օր կը տեսնէք, անգամ կը յոգնիք մեզմէ։ Բայց մենք այստեղ պիտի մնանք, պիտի պայքարինք, որովհետեւ 120.000 մարդ շրջափակման մէջ է, անոնք մեր բոլորի օգնութեան կարիքն ունին»,– նշած են ամերիկահայերը` ներկայացնելով Էնթընիին Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալու պատճառով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։

Պըրպանքի քաղաքապետը զարմացած է`լսելով, թէ Արցախի մէջ իրավիճակը այնպիսին է, որ մարդիկ կը մահանան շրջափակման հետեւանքով, երեխաներ ուշագնաց կ'ըլլան սովի պատճառով։ Ան ափսոսանք յայտնած է, որ ԱՄՆ–ն Ատրպէյճանին օգնութիւն կ'ուղարկէ։

«Մտահոգուած եմ Արցախի հարցով եւ հիասթափուած, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը ռազմական օգնութիւն կ'ուղարկէ Ատրպէյճանին»,– նշած է Էնթընին։