image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ ԶՈՒ-ն չէ կրակած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

ՀՀ ԶՈՒ-ն չէ կրակած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ իբր ապրիլ 28-ին՝ ժամը 00:25-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերի եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։