Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը 13 հոկտեմբերին ստորագրած է 1998 թուականի 7 յուլիսին ստորագրուած` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը վավերացնելու եւ կանոնադրութեան 12-րդ յօդուածի 3-րդ մասի հիմքով «Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ միջազգային քրէական դատարանի իրաւազօրութիւնը յետադարձօրէն ճանչնալու մասին» յայտարարութիւն ընդունելու մասին օրէնքը:
ԱԺ-ի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նախագիծը պէտք է ընդունուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ:
Նշենք, որ Հայաստանը Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը ստորագրած էր դեռ 1999-ի 1 հոկտեմբերին, սակայն չէր վաւերացուցած այն։