image

Ուշիի ոլորաններ. Տեղի ունեցած է մեծ  արկած. Զոհուաղ է ութը քաղաքացի 

Ուշիի ոլորաններ. Տեղի ունեցած է մեծ  արկած. Զոհուաղ է ութը քաղաքացի 

 

Արագածոտնի մարզի Ուշիի ոլորաններուն մէջ տեղի ունեցած ողբերգական ինքնաշարժի արկածին հետեւանքով ութ քաղաքացի զոհուած է, եւ երեք հոգի մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներով տեղափոխուած են բժշկական կեդրոն։

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկացմամբ՝ վիրաւորներէն մէկուն առողջական վիճակը ծայրայեղ ծանր է. ան կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ։ Երկրորդ վիրաւորը այս պահուն վիրահատութեան կ՚ենթարկուի, իսկ երրորդը անհրաժեշտ հետազօտութիւններ կ՚անցընէ։ Անոր առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան։

NEWS.am-ի թղթակիցին փոխանցմամբ՝ արկածին հետեւանքով զոհուածներէն երկուքը երիտասարդ ամուսիններ էին, որոնք կը գտնուէին «Opel Zafira» ինքնաշարժին մէջ։

Դէպքի վայրին մէջ շարունակուած են փրկարարական աշխատանքներ։ Յատուկ սարքաւորումներու միջոցով փրկարարները զոհերու մարմինները դուրս բերած են վթարի ենթարկուած ինքնաշարժներէն, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժները հեռացուցած երթեւեկելի ճանապարհէն։