Երեւանի մէջ, 13 դեկտեմբերին, հայրենի դերասան եւ հաղորդավար Խորէն Լեւոնեան վթարի ենթարկուած է: Ան այժմ լաւ է:
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, վթարի օրը, ժամը 18։40-ի սահմաններուն Ագաթանգեղոսի փողոցին վրայ բախած են Խորէն Լեւոնեանի վարած Suzuki մակնիշի եւ Աննա Տողրամանեանի վարած Tesla մակնիշի մեքենաները։
Վթարի հետեւանքով Խորէն Լեւոնեան մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց։
Երէկ, Խորէն Լեւոնեան իր դիմատետրեան էջի Stories բաժնին մէջ հրապարակում ըրած է տեղի ունեցած վթարի մասին․
«Վթար էր, անցաւ գնաց: Շնորհակալ եմ ցուցաբերած անհանգստութեան համար: Ես լաւ եմ, ամէն բան նորմալ է:
Սիրով ձեր՝ Խորեն Լեւոնեան», - գրած է դերասանը:
Նշենք, որ Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ վարորդները ենթարկուած են սթափութեան փորձաքննութեան. Tesla-ի վարորդը եղած է ոչ սթափ (խմած), իսկ Suzuki-ի վարորդ Խ. Լեւոնեանը եղած է սթափ։