Ղարաբաղեան սահմանային հատուածը կը մնայ լարուած: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանարապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ հակառակորդը 100 անգամ խախտած է առկայ հրադադարը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հայկական կողմը համապատասխան կերպով պատասխանած է թշնամիի կրակներուն, որուն հետեւանքով ազրպէյճանական ուժեր դադրեցուցած են կրակահերթերը: